Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցահանդէս` Նուիրուած Մեծանուն Շարթի Յիշատակին

March 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մէկ տարի առաջ Փարիզ, իր արուեստանոցին մէջ մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներէն մէկը` Շարթը:  Պէյրութ, 1927 թուականին ծնած է Սարգիս Արթինեան. հետագային իր անուան առաջին տառն ու մականունին առաջին երեք տառերը  (լատինատառ գրութեամբ) միացնելով ստացած է Շարթ ծածկանունը` ստեղծելով անուն մը,  որ իր ստեղծագործական ամբողջ կեանքին ընթացքին ուղեկցած է անոր` մաս կազմելով   իր համբաւին:

Այսօր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի լիբանանահայ գեղանկարիչի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսի մը, որ փորձ է անգամ մը եւս (այս անգամ` յետմահու) արժեւորելու անոր արուեստը: Պիտի ցուցադրուին  լիբանանահայ կարգ մը  հաւաքորդներու եւ  արուեստասէրներու հաւաքածոներու մաս կազմող` Շարթի տարբեր տարիներու գեղանկարներ (հիմնականը` 1952-1998 թուականներու):

Իր առաջին  ցուցահանդէսը Շարթ ունեցած է Պէյրութի մէջ` 1952-ին, անկէ ետք մեծ ցուցահանդէս մը տուած է Փարիզի մէջ` 1955-ին:  Փարիզի մէջ ան մաս կազմած է «Անկախներու սալոն»-ի շարժումին, «Նոր ալիք» խումբին հետ ցուցահանդէսներու մասնակցած է է Գրիգոր Համբարձումեանի «Կալերի Ֆրամոն»-ին  մէջ:

1947-էն հաստատուելով Փարիզ, Շարթ կը նկատուի Փարիզի դպրոցի (Էքոլ տը Փարի) ընտրանիի  ներկայացուցիչներէն մէկը, ընտրանի, որուն մաս կազմած են  Գառզու, Ժանսէմ, Լեւոն Թիւթիւնճեան  եւ այլ արուեստագէտներ: Ճիշդ է, Շարթ յաճախած է Փարիզի Արուեստի ակադեմիան (շատ կարճ ժամանակով), Ազատ արուեստի հիմնարկներ եւ  գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ քաջատեղեակ եղած է կերպարուեստի շատ մը ուղղութիւններու, սակայն անոր արուեստին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են  բազմաթիւ ճանապարհորդութիւնները, իսկ իր` իբրեւ արուեստագէտ ձեւաւորման մէջ` ինքնակրթութիւնն ու ինքնազարգացումը:    Բազմազան մշակոյթներուն եւ ուսմունքներուն առնչուիլը հարստացուցած է Շարթի ներկապնակը: Հոլանտայի մէջ, օրինակ` անոր վրայ ազդեցութիւններ ձգած են Ռեմպրանտը եւ Ֆրանս Հալսը: Այս շրջանին գեղանկարիչը  տարուած է Քոնֆուցիոսի եւ Կանտի իմաստասիրութեամբ, ինչն ալ իւրովի դրսեւորուած է իր արուեստին մէջ:

1955-1956-էն սկսեալ  Շարթ ճամբորդած եւ ցուցահանդէսներ տուած է եւրոպական կարգ մը երկրներու մէջ` Ֆինլանտա, Նորվեկիա, Շուէտ,  Փորթուգալ, Յունաստան, Զուիցերիա, Սպանիա, Իտալիա, Ֆինլանտայի Ուպսալա քաղաքին մէջ արժանացած է մրցանքի մը:  Բազմիցս ան ցուցահանդէսներ տուած է  նաեւ Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ: Ցուցահանդէսներ տուած է նաեւ ովկիանոսէն այն կողմ,  1963-ին` Նիւ-Եորքի մէջ: Գեղանկարիչը այցելած է նաեւ Հայաստան. ծանօթ է անոր «Էջմիածինի վանքը»   գեղանկարը: 1966-էն  արդէն Շարթի գործերը սկսած են գնել եւրոպական կարգ մը  թանգարաններ: Անոր գեղանկարներուն մէկ մասը կը գտնուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի  թանգարանին մէջ: Ան նկարած է բնանկարներ,  դիմանկարներ, ինչպէս նաեւ` մեծ ու փոքր քաղաքներու տեսարաններ, եկեղեցիներ, կամուրջներ, իր ծննդավայր Պէյրութը եւ այլն:

Գեղանկարչութեան խորհրդապաշտ դպրոցին կը պատկանի Շարթ. արուեստի որոշ քննադատներ նոյնիսկ զինք համեմատած են  Սեզանի հետ: Գրեթէ 10 գիրք եւ ալպոմներ հրատարակուած են Շարթի  գործերուն եւ կեանքին մասին:

Շարթի վերջին  ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ. անիկա մեծ յաջողութիւն գտած է եւ անոր ընթացքին  ցուցադրուած բոլոր գործերը վաճառուած են:

Իսկ մեծանուն գեղանկարիչին  յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ հայազգի եւ ոչ հայ մեծ թիւով արուեստագէտներու, որոնց կարգին նաեւ Շարլ եւ Այտա Ազնաւուրներ, որոնց հետ Շարթ ոչ միայն արուեստի բարեկամ էր, այլ նաեւ` ընտանեկան (Շարթ ամուսնացած էր Այտա Ազնաւուրի ամուսինին` Կառվարենցի քրոջ` Մարի Կառվարենցին  հետ):

Այսօր, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացուող ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Շարթի որդիները` Փաթրիք եւ Րաֆֆի Շարթերը, նոյնպէս արուեստագէտներ (շարժապատկերի եւ գեղանկարչութեան մարզերուն մէջ), որոնք յատուկ Պէյրութ ժամանած են այս գեղեցիկ առիթով:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Վէրքերը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.