Իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի պասքեթպոլի 17 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-10 յուլիսին, Լիբանանի տղոց 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ սպանական Մալաքա քաղաքը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Հիշամ Ժըրատի, խումբին մարզիչն է Ռապիհ Ֆրանսիս, մինչ անոր օգնականները` Ժորժ Աքիքի եւ Մարուն Տիպ:
Նշենք, որ Լիբանանի կազմին մէջ է նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող Սէրուժ Աւետիսեան:
Ախոյեանութեան կը մասնակցին հետեւեալ 16 խումբերը.
Ա. խմբակ.- Նոր Զելանտա, Ֆրանսա, Սերպիա եւ Քանատա,
Բ. խմբակ.- Սպանիա, Տոմինիքան, Ճափոն եւ Լիթուանիա,
Գ. խմբակ.- Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ, Մալի եւ Սլովենիա,
Դ. խմբակ.- Աւստրալիա, Արժանթին, Եգիպտոս եւ Լեհաստան:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Միացեալ Նահանգներու (2 յուլիս), Մալիի (3 յուլիս) եւ Սլովենիոյ (5 յուլիս) դէմ:


