Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մուշեղ Մկրտչեան 79 քկ դասակարգին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Սապուհի Ամիրասկանովին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականին Մկրտչեան 10-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ռաֆայէլ Մաթրուլոյին:
Իր կարգին, կիսաւարտականին փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ 57 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Յարութիւն Յովհաննիսեան, որ 10-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց վրացի Լուքա Կվինջիլիան:
Աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Հայկ Պապիկեան, որ 70 քկ դասակարգին մէջ կիսաւարտականին 12-2 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի իր մրցակիցին:


