Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) կողմէ հրապարակուած յուլիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ Գաբրիէլ Սարգսեան (37-րդ), որ ապահոված է վարկանշային 2698 կէտ:
Հայկ Մարտիրոսեան կը գրաւէ 73-րդ դիրքը (2672), մինչ լաւագոյն հարիւրին մէջ է նաեւ Շանթ Սարգսեան (87-րդ, 2661 կէտ):
Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 5-րդ դիրքը (2775):
Առաջին դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (2864):
Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ չինացի Տին Լիրեն (2806), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ֆրանսան ներկայացնող իրանցի Ալիրեզա Ֆիրուճա (2793):


