5 յուլիսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Ռումանիոյ ախոյեան Քլուժը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:
Անոր հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բոլոր համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել կազմին մարզիկները:


