Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղեկալ Կարէն Գիլոյեան, Գիւմրի կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին այցելեց Արթուր Ալեքսանեանի անուան նոր կառուցուող մարզադպրոց` ծանօթանալու համար հոն կատարուող աշխատանքներուն:
Ան մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքներուն հսկող երկրաչափներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ:
Ան գնահատելով տարուող աշխատանքները ընդգծեց, որ Գիւմրի պիտի ունենայ մարզական ժամանակակից համալիր, ուր պիտի կատարուին նաեւ միջազգային մրցաշարքեր եւ ախոյեանութիւններ:
Նշենք, որ հսկայական կառոյցին շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին պիտի հասնին 2025-ին:


