Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը 3-6 յուլիսին կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ 20 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց աթլեթիզմի երկրորդ ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանին մէջ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները.
Սէուտական Արաբիա, Օման, Քուէյթ, Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Իրաք, Յորդանան, Սուրիա, Պաղեստին եւ Լիբանան:
Նշենք, որ սեպտեմբեր 2019-ին, այս առաջին ախոյեանութեան, որ դարձեալ տեղի ունեցաւ Ժամհուրի մէջ, Լիբանան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պատուիրակութիւնները Լիբանան պիտի սկսին հասնիլ 1 յուլիսէն սկսեալ:


