Պրենթֆորտի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կամ ալ վերադառնայ Թոթենհամ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթ հրաժարեցաւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել այժմու իր ակումբին հետ:
Էրիքսըն, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին միացաւ Պրենթֆորտի, 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 3 էսիսթ:


