Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
47 տարեկան մասնագէտը նախապէս 2016-ին, 2018-ին եւ 2021-ին գլխաւորած է Ալաշկերտը:
Ան եղած է նաեւ Հայաստանի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներու մարզիչ:
Անոր մարզչական խումբին մէջ պիտի ըլլան նաեւ մարզիչներ Սերկէյ Էրզրումեան, Արմէն Տօնոյեան եւ բերդապահներու մարզիչ Արմէն Կիրակոսեան:


