Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալի մասնակցութիւնը` Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին, կը մնայ հարցականի տակ, նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի կրան շլեմի տիտղոսին տիրանալէն ետք ան ցարդ ամբողջութեամբ չէ ապաքինած` իր ոտքին բորբոքումին պատճառով:
22 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած 36 տարեկան Նատալի բժիշկը ըսաւ, որ եթէ ան ապաքինումի նշաններ ցոյց տայ, առանց յենակներու կրնայ քալել եւ չորս օր ետք սկսիլ իր փորձերուն:
Նշենք, որ Ուիմպըլտընի մրցաշարքին մեկնարկը պիտի տրուի 27 յունիսին. անիկա իր աւարտին պիտի հասնի 10 յուլիսին:


