Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակի Հատորին Ներկայացումը Եւ Լիբանանահայ Մտաւորականներու Հանդիպումը Անթիլիասի Մէջ

June 9, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 6 յունիս 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը, «Սփիւռքի տարուան» հռչակման կարեւորութիւնը եւ վեհափառ հայրապետի Տէր Զօր պատմական այցելութիւնը:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող հարցերու քննարկման համար:

Մտաւորականներու հանդիպման առանցք կազմեցին հետեւեալ երեք կէտերը.-

ա) «Սփիւռքի տարի»: Վեհափառ հայրապետը խօսելով «Սփիւռքի տարուան» մասին յիշեցուց, թէ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կայացած մտաւորականներու առաջին հաւաքէն ետք, յաջորդաբար առցանց հանդիպումներ տեղի ունեցան: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ նման հանդիպումներ պիտի շարունակուին` համախմբելու աշխարհասփիւռ հայորդիները սփիւռքը վերակազմակերպելու կարելիութեանց եւ գործընթացին շուրջ: Սփիւռքի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հարցադրումները կատարեց. ներկայ տագնապալից իրավիճակին մէջ ո՞ւր կը գտնուի սփիւռքահայութիւնը, ի՞նչ են այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցները, դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուինք այսօր, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ: Վեհափառ հայրապետը շարունակելով հարցադրումներու շարքը յայտնեց, թէ նման հանդիպումները մտաւորականներու, երիտասարդներու եւ մասնագէտներու հետ անհրաժեշտ է, որ շարունակուին, որովհետեւ բոլորին մօտ այլեւս խոր համոզում դարձած է, թէ սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական է: Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք մտաւորականներուն կողմէ հարցումներ ուղղուեցան եւ առաջարկներ կատարուեցան:

բ) Վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը: Անցնող երկու տարիներուն համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմանները արգելք հանդիսացան նշելու վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը: Սակայն, պայմաններուն նպաստաւոր եղանակը առիթ ընծայեց լոյս բերելու վեհափառ հայրապետին արծաթեայ յոբելենականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը, որ կը ներկայացնէ անոր 25 տարուան հովուապետական ծառայութեան զանազան երեսներն ու փուլերը: Հատորը կը բովանդակէ 52 գրիչներու` եկեղեցականներու, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մարզի մէջ պատասխանատուներու, ակադեմիկոսներու, պետական եւ ազգային երեսփոխաններու, գիտական եւ գրական տարբեր ամպիոններու պատասխանատուներու, համալսարանի դասախօսներու, հայկական գաղութներու մէջ գործունեայ դէմքերու, հասարակական գործիչներու, ի շարս այլոց յօդուածները:

Հատորը ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ներկայացման ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, թէ` «ո՛չ սոսկ անձի գործունէութեամբ, ո՛չ այս պարագային միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմաճիւղ գործունէութեամբ կը սահմանափակուի հատորին բովանդակութիւնը, այլ կը տարածուի համասփիւռքեան հարթութեան վրայ: Այս դիտանկիւնէն ընթերցում կատարողը պիտի նկատէ անպայման, որ գործադաշտի մը կը վերաբերի այս ներկայացումը, որ ներառած է սփիւռքին առընթեր, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները եւս:

Իսկ այս առումով հատորի բովանդակութեան ծանօթացողը շատ արագ կը համոզուի, որ գործ ունի ոչ թէ յոբելենական սովորական հատորի, այլ կարեւորագոյն ժամանակահատուածի մեր համազգային խնդիրներուն վերաբերող ուղի բացող մտածումներու, քայլերու հետ»:

գ) Տէր Զօր պատմական այցելութիւն: Վեհափառ հայրապետին Տէր Զօր այցելութիւնը չի՛ նմանիր այլ հովուապետական այցելութիւններու: Անիկա բնականոն պայմաններու մէջ տեղի չունեցաւ, փաստօրէն արկածախնդրութիւն մըն էր` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական պայմանները: Վեհափառ հայրապետին Տէր Զօր այցելութիւնը մանրամասն ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ներկայացուց նաեւ իր տպաւորութիւնները` ականատեսի վկայութեամբ: Ան գլխաւոր կէտերու մէջ ներկայացուց նախ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ վեհափառ հայրապետին եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հանդիպումը, որուն ընթացքին նախագահը ընդգծած է Սուրիոյ զարգացման ու ծաղկման մէջ տեղւոյն հայ համայնքին կարեւոր ներդրումը  եւ շեշտած, թէ սուրիահայութիւնը, որ երկրին կարեւոր մէկ մասնիկը կը նկատուի, պէտք է կառչած մնայ Սուրիոյ:

Ապա, երեսփոխան Բագրատունին յուզումով շեշտեց, որ հակառակ ապահովական անորոշ պայմաններուն, վեհափառ հայրապետը հաւատքի քաջութիւնը ունեցած է այցելելու փաստօրէն ամբողջութեամբ քանդուած Տէր Զօր քաղաքը եւ յատկապէս` Նահատակաց եկեղեցին ու համալիրը: Յ. Բագրատունի յայտնեց, թէ ամբողջ յուշահամալիրը քանդուած է` ենթարկուած ըլլալով մասնագիտական ականահարումի: Իր խօսքը աւարտելով` ան ընդգծեց, որ, Սուրիոյ սահմանէն սկսեալ մինչեւ Դամասկոս, Տէր Զօր ու վերադարձ, վեհափառ հայրապետը արժանացաւ բարձր պատիւի, որ ընդհանրապէս կը կատարուի նախագահի մը այցելութեան:

Վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վերաշեշտեց ներկաներուն, թէ Տէր Զօրի յուշահամալիրը պիտի վերաշինենք համազգային տարողութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորէն օրինակներ տրամադրուեցան ներկաներուն:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Քափուչինեան Միաբանութեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.