Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

June 3, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 23 մայիս 2022-ին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանն ու թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը` մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, յօգուտ լիբանանահայութեան, Լիբանանի Ազգ. առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ ի գործ դրուած վերականգնումի ճիգերուն:

Հանդիպման ընթացքին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցնող տագնապալի ժամանակներուն լիբանանահայ կեանքը պաշտպանելու համար Ազգային առաջնորդարանին ու յարակից կառոյցներուն ճամբով տարուած բազմերես այն աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացան համահայկական ճիգով եւ համազգային աջակցութիւններու շնորհիւ:

Այս առիթով  Շահէ արք. Փանոսեան, Լիբանանի Հայոց թեմին անունով իր երախտիքը յայտնեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան, որոնք լիբանանահայ կեանքի պահպանութեան համար յանձն առնուած տեսակաւոր զոհողութիւններու կողքին, նաեւ Ազգային մեր վարժարաններուն մէջ 500 աշակերտներու կրթաթոշակը ապահովեցին:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մեր անսահման սէրը, մեր յարգանքն ու երախտիքը բոլոր անոնց, որոնք երբեմն իրենց սեփական կարիքները մոռնալով, լիբանանահայ կեանքի յարատեւութեան համար եւ ի սպաս հայ կրթութեան գործին, սիրով իրենց ունեցածը նուիրաբերեցին: Թող ամենաբարին Աստուած բոլոր ծանօթ ու անծանօթ բարերարներուն կեանքը առատացնէ անմահական շնորհներով»:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը Դասախօսեց Կիպրոսի Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Շիրին Ապու Աքլէ` Ճշմարիտ Խօսքի Ուժը Մարմնաւորողը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.