Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա, որ գալիք ամրան ընթացքին պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը կը հասնի իր աւարտին` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, շատ հաւանական է, որ տեղափոխուի «Պունտըսլիկա»:
Ըստ ոչ հաւաստի աղբիւրներու, ֆրանսացի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ:
Փոկպայով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, պատրաստ է միջնապահ Թոնի Քրուսի փոխարէն իր կազմին միացնելու Փոկպան, որ 2016-ին միացած էր Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Փոկպա այս տարեշրջանին շատ հաւանաբար չկարենայ որեւէ այլ մրցումի մասնակցիլ` նկատի ունենալով, որ ան Լիվըրփուլի դէմ կատարուած մրցումին վնասուածք ստացաւ:


