Արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մարզաշապիկը առցանց աճուրդով ծախուեցաւ 8,5 միլիոն եւրոյի (7,14 միլիոն փաունտ):
Անոր մեկնարկային գինը սկսաւ 4,98 միլիոն փաունտով:
Այդ մարզաշապիկով Մարատոնա 1986-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին, Անգլիոյ դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (2-1) ձեռքով նշանակած էր կոլ մը, որ սակայն չէր տեսնուած օրուան իրաւարարին կողմէ:
Վերջին 35 տարիներուն այդ մարզաշապիկը կը պատկանէր Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Սթիվ Հոճին, որ վերոնշեալ մրցումէն ետք իր մարզաշապիկը փոխանակած էր Մարատոնայի հետ:
Նշենք, որ Մարատոնա մահացաւ 25 նոյեմբեր 2020-ին, 60 տարեկան հասակին:


