Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի բազկամարտի հաշմանդամներու 24-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը, տիրանալով 11 ոսկի, 5 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալի, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` գերազանցելով Թուրքիան:
Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնի նախագահ Սարգիս Ստեփանեան արձանագրուած այս արդիւնքը նկատեց գերգոհացուցիչ:
Նշենք, որ հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներէն վեցը հաշմանդամ դարձած էին արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմեցին 14 հայ մարզիկներ:


