Մինչ երկրին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին փոխարժէքը կը բարձրանայ 30.600-ի, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք անոնց վերաբերեալ կեցուածքներն ու նկատողութիւնները կը շարունակուին երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ ղեկավարներուն, յատկապէս դիտորդական` տեղական եւ միջազգային պատուիրակութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ ամբողջական եւ լայնածաւալ դրութեամբ քուէները գնելու քայլերն ու հոլովոյթները իրենց լուրջ ազդեցութիւնը ունեցած են լիբանանցի քաղաքացիներուն ընտրանքին վրայ:
Նշենք, որ Ժողովրդավարական ընկերութիւններու ի խնդիր լիբանանեան միութիւնը` «Լատէ»-ն, որ հսկեց անցեալ կիրակի օրուան ընտրութիւններուն, իր տեղեկագիրին մէջ արձանագրեց մեծ թիւով խախտումներ, ինչպէս նաեւ շօշափեց ներքին գործոց նախարարութեան թուլութիւնը` ընտրութիւններուն ընթացքին օրէնքը պարտադրելու առումով:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին դարձեալ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շարունակեց յայտարարել երեսփոխանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները` մնացեալ երեք շրջաններուն համար:
Հիւսիսային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան, (Աքքար), 7 երեսփոխան:
Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 48,01 առ հարիւրի:
Ընտրուած երեսփոխաններն են. Մոհամետ Եհիա, Մոհամետ Սլէյման, Ուալիտ Պաարինի, Ճիմի Ժապպուր, Ասաատ Տըրղամ, Սաժիհ Աթիէ եւ Ահմետ Ռըսթոմ:
Հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջան, (Թրիփոլի, Մընիէ, Տըննիէ), 11 երեսփոխան:
Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 38,05 առ հարիւրի:
Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ահմետ Խէյր, Ապտել Ազիզ Սամատ, Ժիհատ Սամատ, Աշրաֆ Ռիֆի, Թահա Նաժի, Իհապ Համատէ, Ապտել Քերիմ Քապպարա, Ռամի Ֆանժ, Էլիաս Խուրի, Ֆիրաս Սալլում եւ Ժամիլ Ապպուտ:
Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան, 11 երեսփոխան: Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ամին Շըրրի, Իպրահիմ Մնայմնէ, Ֆուատ Մախզումի, Ատնան Թրապուլսի, Իմատ Հութ, Մըլհեմ Քարամ, Մոհամետ Խաուաժա, Մոհամետ Պատըր, Ուատտահ Սատեք, Ֆայսալ Սայեղ եւ Էտկար Թրապուլսի:
Կեցուածքներու շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ համայնքային դրութիւնը նկատի չ՛առներ, քուէարկելու առիթ կու տայ 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ իգական սեռի ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը կը յարգէ: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Ծերակոյտի մը կազմութիւնը:
Պըրրի հաստատեց, որ բոլորը հրաւիրուած են նկատի ունենալու ժողովուրդին ընտրանքը, նուազագոյնը հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ:
«Թող երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքը ըլլայ առիթ մը, որ կը միացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը` վերջ տալով գրգռութիւն պատճառող բառամթերքին: Թող տաքցած գլուխները հանդարտին եւ բոլորը ընդունին, որ նոյն հայրենիքին զաւակներն են, միասին պիտի ապրին` մէկ ճակատագիրով», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան եւ դատական իշխանութեան անկախութեան ծրագիրներուն վաւերացումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման ծրագիրին վերջնականացումն ու վաւերացումը` երաշխաւորելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի բնական հարստութիւնը` ցամաքի վրայ թէ անոր ջուրերուն մէջ, իրաւունք է եւ զիջելու, սակարկելու կամ մսխելու ենթակայ չէ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յաջողեցաւ ընտրութիւնները յաջողութեամբ, հեզասահութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ կատարել` մաղթելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը գործակցին ամբողջացնելու համար փրկութեան փուլի յաջորդ ծրագիրները:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ընտրութիւնները աւարտած են, եւ Լիբանան կը գտնուի նոր շրջադարձի մը դիմաց:
Ան յայտնեց, որ իսկական յաղթանակը անոնց է, որոնք քաղաքական կեանքին նոր արիւն ներարկած են: «Լիբանանեան քաղաքական կեանքէն Մուսթաքպալ հոսանքի մասնակցութիւնը առկախելու որոշումը ճիշդ էր եւ ցնցեց երկրին քաղաքական խախուտ կեանքը: Անշուշտ այս որոշումը չի նշանակեր պատասխանատուութիւններէ հրաժարիլ: Մենք պիտի շարունակենք Ռաֆիք Հարիրիի երազով առաջնորդուիլ եւ մեր սիրտերն ու տուները պիտի բանանք ժողովուրդին: Կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ պաշտպանէ Լիբանանը», շեշտեց Հարիրի:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Ազգային ազատ հոսանքը այսօր Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունի մեծագոյն համախմբումը` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն յաղթական դուրս գալէն շատ աւելի կարեւոր է պետականաշինութեան մէջ արձանագրուելիք յաջողութիւնը:
«Կը փափաքէիք մեր ձախողութիւնը եւ քաղաքական դիակի վերածուելու հոլովոյթը տեսնել, սակայն արդիւնքը այն է, որ մենք կայինք ու մնացինք», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ իրենք սրտբաց գործակցելու պատրաստ են` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը բարեկարգումներու գործադրութիւնն է: «Հետեւաբար ոչ ոք մեզ ներքին կամ արտաքին առանցքի մը կողմնակից համախմբում թող նկատէ», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ մասնագէտներու կառավարութեան կազմութեան կարելիութեան արդէն իսկ կարելի է հրաժեշտ տալ, որովհետեւ կայ ժողովրդային օրինականութիւն մը, որ պէտք է յարգուի:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժերը հսկայ նուաճում մը իրագործած են եւ դժուար գործ ունին կատարելիք:
Ան ընդգծեց, որ անոնք անշեղ պիտի մնան ընտրական կարգախօսով յայտարարած իրենց տեսակէտներէն:
Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց դիմաց գտնուող առաջին գործընթացը խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնն է, որ պիտի չկատարուի այնպէս, ինչպէս կը կատարուէր նախորդ ժամանակաշրջանին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Լիբանանի խորհրդարանին հակառակորդ երեսփոխաններուն յայտնեց, որ զիրենք կ՛ընդունին իբրեւ հակառակորդներ եւ ոչ թէ սիոնականներուն եւ ամերիկացիներուն պաշտպան վահաններ: «Երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնող նիւթի մի՛ վերածուիք: Մենք շատ ներողամիտ ենք, բայց նաեւ շատ հզօր ենք եւ կրնանք ձեզի անակնկալի մատնել բանով մը, որուն մասին չէք իսկ կրնար երազել», ըսաւ ան:
Իր կարգին, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շնորհաւորեց բանակայինները երեսփոխանական ընտրութիւններու այս նուաճումը իրագործելու իմաստով` աւելցնելով, որ անոնց պատասխանատուութիւնը եւ տրամադրած ապահովական կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորած են ընտրութիւններուն կայացումը:
«Ձեր շնորհիւ է, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարական պատկերը գծուեցաւ կիրակի օր», յայտնեց ան:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները կը հաստատեն պետական տրամաբանութեան յաղթանակը` ընդդէմ պետութեան մէջ պետութեան անկանոն քայլերուն, որոնք կը խանգարեն Լիբանանի քաղաքական կեանքն ու կայունութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքեր յայտնեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանեան ընդդիմութեան իր զօրակցութիւնը ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ դառնալ չի նկատուիր:
Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դժուար պահեր անցուցած է, եւ Միացեալ Նահանգներ զայն պատասխանատու կը նկատեն անոր պատճառած փտածութեան:
Շինքըր յայտնեց, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները դրական են, սակայն կայ ահաբեկչական կազմակերպութեան միլիս մը, որ օտար պետութեան զօրակցութիւնը կը վայելէ եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ հարցաքննութեան ենթակայ չէ:
«Հետաքրքրական էր տեսնել, որ Սուրիոյ եւ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակից բոլոր թեկնածուները, ինչպէս` Թալալ Արսլան, Ուիամ Ուահապ, Ֆայսալ Քարամէ, Էլի Ֆըրզլի եւ Ասաատ Հարտան ձախողեցան», յայտնեց Շինքըր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ իր ճակատագիրը` աւելցնելով, որ բոլոր երկիրները պէտք է յարգեն այս իրականութիւնը եւ լիբանանցիներուն կամքը: Ան հաստատեց, որ Իրանի պետութիւնը միշտ զօրակցած է Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին` իրականացնելու անոնց ձգտումները:
Խաթիպզատէ ընդգծեց, որ Իրան երբեք չէ փորձած միջամուխ դառնալ Լիբանանի ներքին հարցերուն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շնորհաւորեց լիբանանցիները` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու համար:
Ան յայտնեց, որ ինք անհամբեր կը սպասէ լիբանանցիները միաւորող կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադրել Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ արագացնել Լիբանանի մէջ կատարուելիք բարեկարգումները` երկիրը զետեղելու համար տնտեսական բարգաւաճման ուղիին վրայ:
Կութիերես մաղթեց, որ նորընտիր խորհրդարանը վաւերացնէ բոլոր այն օրինագիծերը կամ ամբողջացնէ օրէնսդրական այն աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ տնտեսական կայունութիւն հաստատել:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն միասին գործելու` ապահովելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը:
Լիբանանի մէջ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա շնորհաւորեց լիբանանցիները` երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու առիթով:
«Տակաւին կան շարք մը մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան երկրին, սակայն անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերստին շահի: Լիբանան աւելի լաւ ապագայի մը արժանի է, իսկ ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել անոր», ըսաւ ան:
ՆՇԵՆՔ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ փոխադրուեցաւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց, ուր ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու, որոնց աւարտէն ետք ան վերադարձաւ նախագահական պալատ:
Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ` հարցնելու համար անոր առողջական իրավիճակին մասին:


