Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատրոնին Ընդմէջէն Թմրամոլութեան Նախազգուշական Արշաւ Կատարելու «Հորիզոն»-ի «Խեցիներ» Թատերգութեան Ներկայացումները

February 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական գրասենեակին, 24 եւ 25 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Խեցիներ» թատերգութեան ներկայացումները, որոնց հեղինակ-բեմադրիչն է Վարդան Մկրտիչեան:

Նախքան ներկայացումները, ցուցադրուեցաւ «Խաբեցին» տեսերիզը, որ իւրայատուկ ոճով կը ներկայացնէ թմրամոլին հոգեվիճակն ու ապրելակերպը:

Թատերական ներկայացումին մէջ թմրամոլը (Հրակ Փափազեան) կը յայտնուի  բուժարանի մէջ, ուր կը ծանօթանայ ընկերային ծառայողին (Դալար Խաչատուրեան): Երկուքն ալ անցեալին ունեցած են վատ փորձառութիւններ, որոնք տեսերիզներու ընդմէջէն միջանկեալ կը ներկայացուին հանդիսատեսներուն:

Թմրամոլը յուսախաբութեան մէջ է, որովհետեւ ընկերութեան կողմէ մերժուած տարր մըն է, մինչ ընկերային ծառայողը շարունակ կը փորձէ զինք փրկել` բուժել, իր անցեալի ցաւերը ծածկելու համար:

Ներկայացումը այս երկու նկարագիրներուն յարաբերութիւնն է, որ կը ներկայացնէ այն պահը, երբ թմրամոլը կ’որոշէ անձնասպանութեան դիմել, եւ այս արարքին դէմ յանդիման կը կանգնի ընկերային ծառայողը: Երբ թմրամոլը ծովեզերքէն կը վերադառնայ, հոն զոյգին միջեւ գոյացած երկխօսութիւնը երկուքին միջեւ նոր ընկերութիւն ստեղծելու մթնոլորտը կը յառաջացնէ, ինչ որ աւարտը կը դառնայ ներկայացման, եւ սկիզբը` նոր կեանքի:

Թատերգութեան իմաստալից բովանդակութիւնը, բեմադրիչին բծախնդիր աշխատանքը, թատերական արդիական ոճը եւ դերասաններու լաւորակ կատարումը ստեղծեցին թատերական շունչ ու մթնոլորտ:

Տակաւին, «Խեցիներ» ներկայացումը իր բնոյթով եւ նիւթով արուեստի գործի կատարում ըլլալու կողքին, լիբանանահայ ընկերութեան մէջ թմրամոլութեան նախազգուշական արշաւ կատարելու իւրայատուկ ձեւ էր, եւ որուն մեծաթիւ ներկայութիւնը կը հաստատէ, որ նախաձեռնութիւնը ծառայած է իր նպատակին:

Յայտնենք, որ 24 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ աշակերտական ելոյթ մը, իսկ  յաջորդ օրը յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին` միութիւններուն յատուկ ներկայացում մը:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Եւ Անգարայի Մէջ Հակահայ Ցոյց. «Բոլորդ Ալ Հայեր Էք, Բոլորդ Ալ Պոռնկորդիներ Էք» Բացագանչած Են Ցուցարարները

Յաջորդը

Վարդան Պատալեանի Եւ Աննա Խաչատրեանի Հայաշունչ Երգահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.