Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեծ Պահքն «Իցի՜Ւ»-Ներուն…

February 27, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, առաջին օրն է Մեծ պահքին: Տրուպիս թոյլ պիտի տաս ընել քանի մը առաջարկներ, որոնք կրնան դարձնել կեանքդ եւ կեանքս շատ աւելի ուրախ, երջանիկ, հաճելի եւ օգտակար…

Նախ, սակայն, տամ որոշ գիտելիքներ, որոնց ծանօթացումով` բացի այն իրողութենէն, թէ կը զօդուիս հայադրոշմ անցեալին նուիրականութեան ու մեր նախնիքներուն բարեպաշտութեան, այսօր նաեւ կրնաս հիմնաւորել քու պահեցողական ապրելակերպդ:

Մեծ պահքին կը տրուին այս անունները` քառասնորդք, քառասնորդաց, քառասնօրեայ պահք, քառասնորդական պահք եւ աղուհացից պահք, որ կը տեւէ 40 օր` սկսելով «Բուն Բարեկենդան» կիրակիին յաջորդող երկուշաբթիէն, ասյինքն` երէկ, եւ աւարտելով ուրբաթ` «Ծաղկազարդ»-ը կանխող «Յիշատակ Ղազարու յարութեան» շաբաթ օրէն առաջ:

Իսկ «Աւագ շաբաթ»-ը, որ տարուան ամէնէն մեծ եւ սուրբ շաբաթն է, իր ճշմարտութիւններով, խորհուրդներով ու դէպքերով կը շարունակէ առաջնորդել հաւատացեալները աղօթական, ապաշխարողական, պահեցողական եւ ինքնամփոփումի ընթացքին մէջ` այսպէս լրացնելով քառասնորդացի շրջանն ու մեզ պատրաստելով «Յիսուսի Քրիստոսի յարութեան» զատկական տաղաւար տօնին:

«Քառասուն»` ստէպ կիրարկուած սուրբգրային խորհրդանշական թիւը, մեզի մտաբերել ու հնարաւոր չափով ապրիլ կ՛ուզէ տալ անապատ առանձնացած Յիսուսի քառասնօրեայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի ժամանակը, որ վերջացաւ հրեշտակներու պաշտամունքով եւ սկզբնաւորեց Քրիստոսի առաքելաջան ու բեղուն գործունէութիւնը (Մտթ. 4,1-11):

Ճիշդ է, որ Քառասնորդական պահքը մեր Ս. եկեղեցիին օրինադրած կանոնն է հինաւուրց, բայց այս ալ առած է Աստուածաշունչէն, որուն մէջ կը տրուին թէ՛ պահեցողութեան հրահանգներ եւ թէ՛ ծոմապահութեան օրինակներ (զ. օ. Մտթ, 4,1-4, 6.16,17-18. 9,14-15. 17,14-20. Մրկ. 2,18-20. 9,26-28. Ղկ. 2,48. 5,33-35):

Մեծ պահքը միայն որոշ կերակուրներէ հրաժարելու, արտաքին ծոմապահութիւն ընելու եւ նիւթական ժուժկալութիւն կատարելու մէջ չի կայանար լոկ, այլ նաեւ ու մանաւանդ` այս երեք արարքներուն առաջնորդող եւ զանոնք գործադրել առաջադրող անհատները լիցքաւորող շրջանն է աղօթքի, ինքնաքննումի, ապաշխարութեան, զղջումի, բարեփոխումի – հոգեդարձի, ինչպէս ալ` «բարոյական կատարելագործման, գործած մեղքերու թողութեան ու քաւութեան»:

Այս գիտելիքներով օժտուած եւ յատկապէս վերջին պարբերութեան պահանջէն թելադրուած` կարելի է կատարել քանի մը առաջարկներ, որոնք զուտ արտաքին ու նիւթական պահեցողութիւնն ոգեղինացնելով` զանոնք գործադրող անձերը կը դարձնեն աւելի մարդ ու մարդկայնական, աւելի եղբայր եւ եղբայրական, աւելի ազգօգուտ ու հայրենասէր, աւելի աշխարհակերտ ու յիսուսանման:

Մարդերը`
իցի՜ւ թէ նուազ հայհոյէին,
իցի՜ւ թէ նուազ բամբասէին,
իցի՜ւ թէ նուազ նախանձէին,
իցի՜ւ թէ նուազ ստախօսէին,
իցի՜ւ թէ նուազ խարդախէին,
իցի՜ւ թէ նուազ կեղծաւորէին,
իցի՜ւ թէ նուազ շաղակրատէին,
իցի՜ւ թէ նուազ ծխամոլ ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ գինեհար ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ շատակեր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ հաճոյասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ եսասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ «ամենագէտ» ըլլային,
իցի՜ւ թէ նուազ պարապորդ ըլլային…
Մարդերը`
իցի՜ւ թէ աւելի աղօթող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի պատարագող ըլլային եկեղեցին,
իցի՜ւ թէ աւելի ընկերասէր ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի աղքատախնամ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի անանձնական ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ներողամիտ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի լսող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ազնիւ ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի հասկցող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի յարգալիր ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի խաղարար ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի հաշտարար ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի կարդացող ըլլային,
իցի՜ւ թէ աւելի ժամանակն օգտագործող ըլլային…

Պահեցողական այս «իցի՜ւ»-ներուն ձեռքբերումին միակ մեկնակէտը եւ նպատակակէտն է Իմաստունին սա տէրունական հրամայականը.«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ ուժովդ, ամբողջ մտքովդ եւ պիտի սիրես ընկերդ` քու անձիդ պէս» (Ղկ. 10,27):

Այնճար, 20 Փետրուար  2012

Նախորդը

Մենք Ենք` Մեր Ցաւերը. Պատգամ, Պատգամախօս, Պատգամաբեր (Լրջանալու Զգաստութեամբ)

Յաջորդը

Ամանորի Նուէրս` «Սիփան-Կոմիտաս» Երգչախումբի Անտիպներու Խտասալիկը Ղեկավար` Կարպիս Ափրիկեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.