Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրիստոսի Յարութիւնը Հիմնաքարն Է Քրիստոնէական Մեր Հաւատքին», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

April 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յարութեան Տօն` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր համայնական կեանքը երկար ատենէ ի վեր բնականոն վիճակի մէջ չէ, սակայն մեր վաղուան կեանքին համար պէտք չէ յուսահատինք եւ հաւատքէ պարպուելով` պէտք չէ կորսնցնենք իմաստութեան եւ հաւատքի ուղին: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ այդ հաւատքն է, թէ այսօր մեզ կը համախմբէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր Տիրոջ սուրբ յարութեան յայտարարութիւնը կատարելով` մեր պատկանելիութիւնը յայտնենք Աստուծոյ, որուն հաւատքի վէմին վրայ խարսխուած է Քրիստոսի եկեղեցին, եւ որուն շուրջ խմբուած ենք մենք` իբրեւ անհատներ, իբրեւ հաւաքականութիւն եւ իբրեւ համայնք: «Ս. Յարութեան տօնը արարչագործութեան եւ ժամանակներու վախճանին մասին մեր ունեցած գիտելիքներուն վերաքաղն ու հաւատքը կատարելու առիթ է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Յարութեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոսի գերագոյն զոհողութեան շնորհիւ մեր կեանքը վերստին լեցուեցաւ սրբութեամբ եւ աստուածային հրաշագործ հոգիով, եւ մեր դիմաց կրկին բացուեցան դէպի Աստուած տանող ուղիները: «Մերժել Քրիստոսի յարութիւնը` կը նշանակէ մերժել զԱստուած ու մերժել մեր սեփական փրկութեան կարելիութիւնը: Քրիստոսի յարութիւնը հիմնաքարն է քրիստոնէական մեր հաւատքին», հաստատեց սրբազան հայրը` նկատել տալով, որ եկեղեցին, այսինքն` հաւատացեալներու բազմութիւնը, յարութեան հաւատքին շուրջ համախմբուած համայնք մըն է, որուն գլուխը կը մնայ Քրիստոս: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ իբրեւ եկեղեցին կազմող ընտանիքի անդամներ` պէտք է ճանչնանք, ընդունինք եւ յայտարարենք միեւնոյն հաւատքը եւ այս յայտարարութիւնը պէտք է կատարենք մեր պարտականութիւնն ու պատկանելիութիւնը յայտնելու համար Աստուծոյ, եւ եթէ մեր գիտակցութեան ու սրտին մէջ միշտ ունինք այդ պատկերը եւ մեր բերանով նաեւ կը խոստովանինք յարուցեալը իբրեւ Տէր ու Փրկիչ, ապա մեզի հետ ունինք մեր Աստուածը, եւ մերն են զօրութիւնն ու փառքը եւ փրկութեան կամքը:

 

Նախորդը

Ապրիլեան Ոգեկոչում` ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետին Եւ Հոգեւոր Տիրոջ Միջեւ Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.