Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ` Քարիմ Պենզեմա, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սեւիլլայի դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակին (3-2) կերտեց իր կազմին բաւական կարեւոր յաղթանակը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ) նշանակեց Ռէալի երրորդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս:
Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ Պենզեմա բարձրացաւ երրորդ դիրք` կոլով մը գերազանցելով ակումբին անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի ցուցանիշը. վերջինս նշանակած էր 216 կոլ:
Ակումբին լաւագոյն ռմբաձիգն է փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (311 կոլ), մինչ երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի սպանացի Ռաուլ Կոնզալես (228 կոլ):


