«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան 17 ապրիլին յայտարարեց փողոցային պայքարի մեկնարկ` պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու Ազատութեան հրապարակ` միասին պայքարելու յանուն Հայաստանի ու Արցախի: Դիմատետրի իր էջէն ուղիղ սփռումի ընթացքին Վանեցեան յայտարարեց, որ «հասած է այն ճակատագրական պահը», որ այլեւս յօդուածներ գրելով ու ընկերային ցանցերուն վրայ գրառումներ կատարելով, ելոյթներ ունենալով որեւէ բանի կարելի չէ հասնիլ:
Վանեցեան, որ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարն է, շեշտեց, որ իշխանութիւններուն կողմէ վերջին օրերուն եղած արտայայտութիւնները կը խօսին այն մասին, որ անոնք արդէն համակերպած են Արցախի կորուստին հետ:
18 ապրիլին Վանեցեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ելոյթին` նշելով, որ անիկա մտահոգութեան առիթ դարձած է:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 17 ապրիլին Ազատութեան հրապարակին վրայ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնց համար թանկ է հայրենիքը, իւրովի ամէն մէկը պիտի ձեւակերպէ իր բողոքի ցոյցը»:
Սաղաթէլեան աւելցուց. «Յանուն Հայաստանի եւ Արցախի հայ մարդը պէտք է դուրս գայ պայքարի, եւ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այս իշխանութիւնը երկար կեանք չունի: Այստեղ մարդիկ չեն հաւաքուած ոեւէ մէկուն իշխանութեան բերելու համար»:
Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ ընդդիմութեան պայքարը պիտի ըլլայ ապակեդրոն, ցանցային, բոլոր իրական ուժերը պիտի մասնակցին:


