ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուելուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:
Էնտրիւ Շոֆըր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ իրենց ստանձնած իրաւագիրին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ: Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդական դերը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունելով Միացեալ Նահանգներու համանախագահը, կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու դերը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւն, եւ ողջունեց Շոֆըրի այցելութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ քննարկելու իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին վերջինս համանախագահին ներկայացուց վերջերս ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:


