Երէկ` 14 ապրիլ 2022-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:
Ան լսեց պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեանի զեկուցումը` շփման գիծի մարտավարական իրավիճակին վերաբերեալ, ապա մանրամասն կերպով անդրադարձաւ հանրապետութեան մէջ առկայ ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերջին զարգացումներուն: Խօսելով անվտանգային խնդիրներու մասին` նախագահ Յարութիւնեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ պաշտպանական բոլոր ծրագիրները պէտք է համադրուած ըլլան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործառոյթներուն հետ` աւելցնելով, որ գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդին խաղաղ եւ ինքնիշխան կեանքի ապահովումը:
Նշենք, որ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ:


