Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Պէտք Չէ Մեզ Վախցնել Պատերազմով, Ատիկա Մեզի Պիտի Չպարտադրէ Հրաժարիլ Մեր Որդեգրած Պայքարէն»

April 15, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմ ուզեր կեդրոնանալ Հայաստանի վարչապետի ելոյթին, դրուագային, թատերականացուած եւ բեմադրուած բեմականութեան վրայ, ան ոչ թէ ինքնախոստովանութեան, ինքնաքննադատութեան, այլ մեծամտութեան, ամբոխահաճութեան, խաբէութեան եւ ուղեղներ լուալու տարիներու գործելաոճին յարիր պահուածք է, որով կրկին ներկայացաւ ո՛չ միայն մեր, այլեւ համաշխարհային հանրութեան, որուն, հաւանաբար, պատասխանատու է իր անցած ճամբուն եւ իր հասած նշաձողին համար», Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան:

«Մեզի համար զարմանալի ու անակնկալ չէին այդ ելոյթին մէջ հնչած թեզերը: Այն, ինչ որ կը կատարուէր թաքուն, բացայայտուեցաւ: Այն, ինչ որ չէր յաջողած տասնամեակներ, հիմա կը փորձեն առիթը չկորսնցնել: Խղճահարութեան դրուագներ ստեղծող առաջնորդը չի կրնար ըլլալ իմ եւ ձեր, այն հպարտ ժողովուրդի առաջնորդը, որ 1988-ին նորէն որդեգրեց ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարն ու տեսլականը` ունենալով յաջողութիւններու եւ կորուստներու շարք, տալով բազմաթիւ զոհեր, չընկճուելով, չյուսահատելով, գիտակցելով, թէ յանուն ի՛նչ նպատակի համար է այդ ամէնը` յանուն ապագայ սերունդներու, յանուն ազգային իտէալներու, յանուն նպատակի եւ ոչ թէ միջոցի: Եւ ի՞նչ: Հիմա կը փոխէ մեր որդեգրած պայքարի փիլիսոփայութիւնը, նպատակը կը փոխարինուի միջոցով, «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի բացման քողին տակ կը հրահրուի նոր պատերազմ, նոր ողբերգութիւններ, եթէ ուղղակի ըսենք` Արցախի հայաթափում», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանը Արցախը կը վախցնէ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներու կեղծ ներկայացումով: «Այդ ո՞ր միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներուն մասին է, ո՞ւր էին անոնք 2020-ի աշնանը, որո՞ւ ջրաղացին ջուր կը լեցնէին, իսկ վառած կրակին իւղ: Այդ ի՞նչ արժէքներ դաւանող միջազգային հանրութեան մասին է խօսքը, գուցէ աւելի բա՞ց խօսուէր` «ԼԳԲՏ», կամ «նոր աշխարհակարգ», բառեր, որոնք, հաւանաբար, մեր հանրութեան շատ բան կ՛ըսէին: Հաւանաբար, ԵԱՀԿ-ն ալ համաշխարհային հանրութիւն, իսկ ո՞ւր են անոր` իրաւագիր ունեցողները», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ պէտք չէ ըլլալ զգացական, որովհետեւ գործնապաշտ ըլլալը քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքական այրերու համար կարեւոր յատկանիշ է: «Պէտք չէ խաբկանքներու դաշտ մտնել, այո՛, բայց պէտք չէ նաեւ ապակողմնորոշել, կեղծել, խեղաթիւրել: Գիտակցաբար փորձած են բոլոր տարբերակները` բանակցութիւնները սկսելով զերօ կէտէն, սեփական նախաձեռնութիւններ ցուցաբերելով, նոյն համաշխարհային հանրութիւնը մոլորեցնելով, ամէն ինչ հասցնելով ուղղակի նահանջի եւ կորուստի: Արցախի ու արցախցիներու կողմէ իրաւագիր չունենալու պատճառաբանութիւններով Արցախի ճակատագիր կը ստեղծեն, արիւն կը հեղեն եւ յետոյ կը խոստովանին: Յետոյ ի՞նչ: Այդքան միամիտ չենք», ըսաւ ան:

Դիմելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` պատգամաւորը նշեց, որ եթէ քաղաքական ուղղութիւն կը փոխեն, ապա յստակ պէտք է կողմնորոշուիլ եւ յայտարարել, որպէսզի «մեր հեռու եւ մօտիկ բարեկամներն ալ հասկնան ու կողմնորոշուին, մենք ալ հասկնանք ու կողմնորոշուինք»: «Վոհմակային հոգեբանութեամբ ձեր արբանեակները ձգած էք Արցախի ու արցախցիներու մասին բարբաջանքներ հնչեցնելու եւ այն ալ ամէնէն պատասխանատու եւ ամէնէն բարձր ամպիոնէն` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն: Կատարեցէ՛ք Արցախի եւ արցախցիներու անվտանգութեան երաշխաւորի ձեր պարտականութիւնները: Խեղուած ձեւակերպումներով մի՛ ներկայացնէք այնպէս, իբրեւ թէ կ՛ուզէք պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, այդ իրաւունքները պաշտպանած են մեր պապերն ու ծնողները, մենք եւ մեր որդիները` Արցախը հայկական պահելով, կերտելով պետականութիւն, այդ իրաւունքները պահպանուած են անցած երեսուն տարիներուն ու պիտի պահպանենք ապագային եւս, անոնք պէտք է պահպանուին միասին», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ Փաշինեանը ընդունած է Ազրպէյճանի առաջարկած կէտերն ու առաջարկները` չառաջարկելով սեփականը, եւ այդ քայլը պատճառաբանած է իբրեւ ազգային շահերէ բխող քայլ: «Կը սկսիք խաղաղութեան բանակցութիւններու գործընթաց, կը նախաձեռնէք երկկողմանի ձեւաչափով խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստական աշխատանքներ, սահմանազատման եւ սահմանագծման միտուած յանձնախումբի ձեւաւորում, եւ որ զարմանալին է` յանձն կ՛առնէք այս գործընթացը կարճ ժամանակի մէջ աւարտին հասցնել», նշեց ան:

«Պէտք չէ մեզ վախցնել պատերազմով, ատիկա չի կրնար մեզի պարտադրել` հրաժարիլ երեսուն տարի առաջ մեր որդեգրած պայքարէն: Ես կը հաւատամ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին, անոր անկոտրում ոգիին ու կամքին: Մենք աւելի ծանր կացութիւններ յաղթահարած ենք: Տակաւին կ՛ուզեմ միամտօրէն յոյս պահել, որ մեր պետականութիւնը կորուստի ճամբով տանող Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ անոր առաջնորդը այս աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ իր մէջ ուժ կը գտնէ համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի ապագային միտուած որոշումները կայացուին ունակ քաղաքական գործիչներու եւ հեռատես առաջնորդներու միջոցով», ըսաւ ան:

 

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հիմքերը Պէտք Է Ըլլան 2020-ի Վերջաւորութեան Եւ 2021-ի Ընթացքին Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւնները»

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Պաշտպանութեան Բանակի Բարձրագոյն Հրամանատարական Կազմին Հետ

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.