Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ռուսական Գաղտնի Սպասարկութեան. ՕԹԱՆ-ի Գաղտնի Խումբը Եւ Ռումանացի Վարձկանները Հասած Են Օտեսա

April 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի գաղտնի հսկողութեան խումբը, որ կը ներառէ ռումանական «Նորտսթարսփորթ Կրուփ» սեփական զինուորական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, սկսած է գործել Օտեսայի մէջ: Խումբին պարտականութիւնն է վերահսկել Սեւ ծովուն մէջ ռուսական նաւերուն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններու աղբիւրը` վկայակոչելով ուքրանական զօրքերուն մէջ իր լրտեսները:

«Օտեսայի արուարձաններէն մէկուն մէջ կայ ՕԹԱՆ-ի հսկողութեան խումբի գաղտնի ռազմակայան` սարքաւորումներով, որոնք կարելիութիւն կու տան ճշգրիտ կերպով որոշելու Սեւ ծովուն մէջ գտնուող որեւէ նաւու վայրը` մինչեւ 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Հիմնական մասնագէտները ռումանական «Փի.Էմ.Սի. Նորտսթարսփորթ Կրուփ»-ի աշխատակիցներն են», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը:

Աղբիւրին համաձան, խմբաւորման նպատակն է «կանխարգիլել ռուսական զօրքերուն Օտեսա մարզին մէջ ցամաքահանումը եւ նշանակէտի տակ առնել ռուսական մարտանաւերու գտնուելու  վայրը` ուքրանական «Նեփիուն» հականաւային հրթիռները առաջնորդելու համար»:

Միւս կողմէ, «Նովոսթի Ուքրայինա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիար պատկերասփիւռէն յայտնած է, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի բացառեր, որ Ռուսիան դարձեալ պիտի փորձէ ամբողջ Ուքրանիան գրաւել: Սակայն ներկայիս ռուսական զօրքերը միջանկեալ նպատակներ դրած են` գրաւել երկրին հարաւը եւ արեւելքը:

«Այսօր հարաւը, ինչպէս նաեւ արեւելքը, իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն թշնամիի` այս տարածքը գրաւելու մեծ ջանքերը: Ասոնք այն միջանկեալ նպատակներն են, որոնք հակառակորդը իր առջեւ կը դնէ` երկրորդ անգամ ամբողջ Ուքրանիան թիրախաւորելէ առաջ:

Որովհետեւ անոնք առաջին անգամ ատիկա ըրած են 2014 թուականին, ուստի, հակառակորդին համար ռազմավարական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հարաւը, ինչպէս նաեւ արեւելքը, ատիկա հասկնալի է: Եւ այսօր իսկապէս շատ բարդ կացութիւն է, այստեղ պահելու ոչինչ կայ», ըսած է Մալիար:

Մինչ այդ, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքանտր Լուքաշենքօ երէկ Ամուրի մարզին մէջ, «Վոսթոչնի» տիեզերակայանին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնած է. «Պիելոռուսիան որեւէ կացութեան մէջ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ կողքին»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Դուք կրնաք յոյս դնել պիելոռուսերուն վրայ, գիտէք, որ որեւէ կացութեան մէջ, ինչ ալ պատահի, դուք ատոր մէջ համոզուած էք, ռուսերը պէտք է համոզուած ըլլան, մենք միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլանք` որեւէ իրավիճակի մէջ», ըսած է Լուքաշենքօ` աւելցնելով. «Հեռաւոր Արեւելքը հեռու է, սակայն մերն է»:

«Մենք, ի տարբերութիւն ներկայ հանրապետութիւններուն, պահպանած ենք այդ միասնութիւնը եւ ամբողջովին վճռական ենք զայն ամրապնդելու», նշած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Նախորդը

«Փութին Մտադիր Է Հակառակ Պատժամիջոցներուն Լուծել Տոնպասի Հարցը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Բոլոր Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղեն Ռուսիայէն Զէնք Չգնելու» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.