Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, միջդպրոցական ֆութպոլի մրցաշարքը, այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական հանգրուանի երկու մրցումները, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ:
Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումները, նախորդներուն նման տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, Մըզհեր:
12-14 տարեկան աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանն ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:
Իսկ 14-16 տարեկան աւարտականի մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանն ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:
Ստեղծելու համար տօնական մթնոլորտ մը եւ քաջալերելու համար մասնակցող վարժարաններու խումբերուն մարզիկները, բոլորէն կը սպասուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել պատանի ֆութպոլիստները:


