Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Հայրենի կրանտմասթըրը, առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ, առաջին դիրքը կիսեց գերմանացի Մաթիաս Պլուպաումի հետ, որ լրացուցիչ ցուցանիշով հռչակուեցաւ ախոյեան:
Վերջին հանգրուանին Գաբրիէլ Սարգսեան ճերմակ քարերով 6-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի Խայմէ Սանթոս Լաթասայի հետ, մինչ տիտղոսակիրը իր հաւասարութիւնը արձանագրեց խրուաթ Իվան Սարիչի հետ:
Նշենք, որ առաջին 20 դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները ապահովեցին 2023-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսը:


