Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան («ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ») ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Արեւմտեան շրջանին մաս կազմող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 121-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆէօնիքս Սանզի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Լէյքըրզէն բացակայ էր վնասուածք ստացած Լեպրոն Ճէյմս:
Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան հանդիսանայ տասներորդ խումբը, որ չկարենայ ապահովել փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Արեւելեան շրջանէն ցարդ փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը չեն կրցած ապահովել` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Նիւ Եորք Նիքս, Ինտիանա Փէյսըրզ, Տիթրոյիթ Փիսթընզ եւ Օրլանտօ Մեճիք:
Իսկ Արեւմտեան շրջանէն Լէյքըրզի նման անկէ դուրս մնացին Սաքրամենթօ Քինկզ, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, Օքլահոմա Սիթի եւ Հիուսթըն Ռոքեթց:


