Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպայի ապագան ցարդ կը մնայ անորոշ:
Թէեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար առաջարկ մը ներկայացուց, սակայն ֆութպոլիստը կը նախընտրէ վերադառնալ Եուվենթուս, այս գծով յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը անոր աւելի քիչ աշխատավարձ առաջարկած է, քան կ՛առաջարկէ Եունայթըտ, եթէ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ:
Թէեւ ան կը փափաքի վերադառնալ Եուվենթուս, սակայն պէտք է համաձայն գտնուի աշխատավարձի կրճատման:
Նշենք, որ ֆրանսացի Փոկպա Եուվենթուսի հետ հանդէս եկած է 2012-2016 ժամանակամիջոցին:


