Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:
14 յաղթանակ արձանագրած եւ 4 պարտութիւն կրած Տինամօ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` Պէյրութի ետին, մինչ 4 յաղթանակ արձանագրած եւ 13 պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ Պէյրութ կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:_


