Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 2 ապրիլին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան իր թուրք մրցակիցին դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` 77 քկ դասակարգին մէջ:
Նախքան ոսկի մետալին տիրանալը, 23 տարեկան ըմբիշը պարտութեան մատնեց նաեւ իր ազրպէյճանցի մրցակիցը:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի փոխախոյեան, աշխարհի անհատական բաժակի մրցաշարքի արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան, 23 տարեկան Ամոյեան, որ նախորդ շաբաթ վերադարձաւ հայրենիք, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ թուրք եւ ազրպէյճանցի իր մրցակիցներուն դէմ իր արձանագրած յաղթանակները կը նուիրէ 2 ապրիլ 2016-ին քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն` զոհուած եւ վիրաւոր տղոց:
Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր մենամարտ, որ կը կատարէր, միշտ նպատակ ունէր տիրանալու ոսկի մետալին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան իրեն եւ իր յաղթանակով հպարտացան:


