Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց Հիւսիսային Մեթնի «Միասին` հզօր» ցանկի յոյն ուղղափառ համայնքի թեկնածու Միշել Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Միշել Մըր Ռայի պատրիարքին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու իր մեծ հօր` խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան Ա. տարելիցին առիթով կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութեան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ յաջող երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնան արդիւնաւորուիլ եւ երաշխաւորել նախագահական ընտրութեան յաջողութիւնը:
Ան կարեւոր նկատեց ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու մակարդակին համազօր ըլլայ:
«Միւս կողմէ, կառավարութիւնը պէտք է աճապարէ ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումները կատարելու, որովհետեւ տնտեսական մարզին եւ ընդհանուր իրավիճակին փլուզումը կը սուրայ, մինչ բարեկարգումները դանդաղ կ՛ընթանան: Իսկ դանդաղութեան ամէնէն շօշափելի փաստը «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրէնքն է, որ կը փորձեն պարտադրել, երբ դրամատուներուն սնտուկները դատարկուած են, որովհետեւ այդ օրէնքը պէտք էր 2019-ին վաւերացուէր», յայտնեց ան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը դատական իշխանութիւններուն ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Փտածութեա՞ն, թէ՞ քաղաքական հակառակորդներուն դէմ պայքարի դէմ յանդիման կը գտնուինք»:


