Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ Սայնզ երէկ այցելեց Իպըլ Սաքիի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Արեւելեան կեդրոնատեղին:
Հրամանատարի իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք զօր. Սայնզ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛այցելէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Արեւելեան կեդրոնատեղին, ուր ան դիմաւորուեցաւ զօր. Ռամոն Վասքեզի կողմէ:
Զօր. Սայնզ յայտնեց, որ իր յիշողութեան մէջ թարմ կը մնան 2011-ին, 2013-ին եւ 2016-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի Արեւելեան կեդրոնատեղիին մէջ իր ունեցած գործունէութիւնը իբրեւ կեդրոնի հրամանատար:
Ան հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, որոնց մաս կը կազմեն 46 երկիրներ, յաջողած են պահպանել Հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:


