ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 352 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.800 լ. ոսկիի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հաստատեց, որ շիի համայնքին կարգախօսը Լիբանանի միասնականութիւնն է եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը պահպանող վարչակարգի հիմնումը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի որոշեց լուծել Ապլահի քաղաքապետական խորհուրդը եւ Պեքաայի նահանգապետին յանձնեց այդ քաղաքապետութեան աշխատանքները` մինչեւ նոր քաղաքապետական խորհուրդին ընտրութիւնը: «Քաղաքապետական խորհուրդի մը անդամներուն կէսէն աւելիին բացակայութեան պարագային այդ խորհուրդը ինքնաբերաբար լուծուած կ՛ըլլայ», ըսաւ Մաուլաուի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին կոչ ուղղեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ նախնական համաձայնութիւն մը ստորագրելու` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները: Եասին նշեց նաեւ, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը քննարկելու համար արդէն իսկ ուշացած են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 13.000 լ. ոսկիով, մազութը` 31.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 462.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 473.000 լ. ոսկի, մազութը` 521.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 328.000 լ. ոսկի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ կ՛ուղղուին դէպի համացանցի եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան միջոցներու մատակարարման սակերու բարձրացում` անշուշտ կառավարութեան վաւերացումին լոյսին տակ: Ան զգուշացուց, որ այս մարզին ցուցաբերուած պետական նպաստին կասեցումէն ետք համացանցի եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ծառայութիւնը կրնայ անմիջապէս դադրիլ: Նախարարին համաձայն, սակերու բարձրացումը 2,5 անգամ աւելի պիտի ըլլայ հին սակերէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կատարած բանակցութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ են:


