Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քստմնելի Սպանութիւն Մը Կը Ցնցէ Նապաթիէն. 25 Օր Անհետանալէ Ետք Մայր Մը Եւ Անոր Երեք Դուստրերը Սպաննուած Գտնուեցան

March 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Նապաթիէի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտուած ոճիրն ու անոր մանրամասնութիւնները ցնցեցին լիբանանցիները:

Անսարի թաղապետ Զաքարիա Սաֆաուիի կինը` Պասիմա Ապպաս, որ ամուսնալուծուած է, եւ անոր երեք դուստրերը` Ռիմա Սաֆաուի` 22 տարեկան, Թալա Սաֆաուի` 20 տարեկան եւ Մանալ Սաֆաուի` 16 տարեկան, 25 օրէ ի վեր կորսուած էին:

Այս հարցով բացուած հետաքննութեան մէջ Սաֆաուի ընտանիքը հաստատած էր, որ անոնք Անսարի բնակիչ Հիւսէյն Ֆայեատի ընկերակցութեամբ էին:

Սակայն Զաքարիա Սաֆաուի ապահովական ուժերը, ինչպէս նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեակ պահած էր, թէ իր ընտանիքը կորսուած է, եւ այդ պատճառով ալ ընդարձակ հետաքննութիւններ բացուած էին:

Հետաքննութեան եւ հետապնդումներուն շրջագիծին մէջ Ֆայեատ ձերբակալուեցաւ եւ խոստովանեցաւ, որ առեւանգուած մայրն ու անոր դուստրերը ենթարկուած են հաւաքական սպանութեան ու թաղուած  Անսար եւ Զրարիէ գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող պարտէզներուն մէջ:

Ապահովութեան ուժերը սկսան ընդարձակ փնտռտուքի, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ չորս դիակները բացայայտել: Քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները, ինչպէս նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ կատարեցին իրենց աշխատանքը:

Դիազննութեան արդիւնքները պարզած են, որ անոնք 20 օր առաջ որսի զէնքով սպաննուած են: Երիտասարդուհիները սպաննուած են փամփուշտ ստանալով իրենց գլուխէն, իսկ մայրը` վիզէն:

Անոնց դիակները գտնուած են քարանձաւի մը մէջ` ծածկուած շաղախով:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հիւսէյն Ֆայեատ իր գործակից սուրիացի քաղաքացի Հ.Ղ.-ի հետ առեւանգած եւ սպաննած է վերոնշեալ չորս քաղաքացիները:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակը կը շարունակէ իր աշխատանքը` ձերբակալելու համար սուրիացի քաղաքացին, որուն գտնուելու վայրը տակաւին անորոշ է:

Անսարի մէջ երէկ ցասումի եւ խոր վիշտի մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ քստմնելի սպանութեան զոհերուն թաղման արարողութիւնը` ներկայութեամբ Ազատագրում եւ բարգաւաճում եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքներու երեսփոխաններ Հանի Քպայսիի եւ Հիւսէյն Ժաշիի, որոնք խստիւ դատապարտեցին գործուած արարքը` հաստատելով, որ դատական իշխանութիւնները պատասխանատու են այդ ոճիրին ծալքերը բացայայտելու եւ յանցագործները պատժելու:

Նշենք, որ Ֆայեատ ընտանիքը լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց, որ Հիւսէյն Ֆայեատի` ոճիրին պատասխանատու ըլլալը փաստուելուն պարագային, զայն ենթարկէ ամէնէն խիստ պատիժին, նոյնիսկ մինչեւ մահապատիժի ենթարկումը:

Ֆայեատ ընտանիքը պահանջեց Հիւսէյն Ֆայեատի դէմ մահապատիժը գործադրել Անսար գիւղաքաղաքի հրապարակին վրայ:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Հարցով Կապ Հաստատեց Լիբանանի Մէջ Շարք Մը Դեսպանատուներու Հետ

Յաջորդը

Ճ. Պուչիքեան Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Ֆրանսական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.