Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած կրան փրիով կիրակի, 20 մարտին մեկնարկը տրուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան:
Անիկա աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերքի (Մոնաքօ) յաղթանակով, որ արձանագրեց 1 ժամ 37′ 33″ արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից, սպանացի Քարլոս Սենց, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես»):
Աշխարհի գործող ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն («Ռետ Պուլ»), կրան փրին չկրցաւ ամբողջացնել երկու ուրիշներու հետ:
Տարեշրջանի երկրորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 27 մարտին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ:


