Արհեստավարժ կռփամարտիկ, ռուսահայ Դաւիթ Աւանեսեան, 5-րդ անգամ ըլլալով պաշտպանեց Եւրոպական Միութեան «Ի. ՊԻ. ԵՈՒ.»-ի վարկածով Եւրոպայի ախոյեանի գօտին:
Նախանցեալ օր, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյին գլխաւոր մենամարտին, միջին քաշային կարգին (66 քկ) մէջ հանդէս եկող 33 տարեկան Աւանեսեան տիտղոսը պաշտպանելու համար մրցեցաւ ֆինլանտացի Օսքար Մեցի դէմ եւ առաջին իսկ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցը:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ ռուսահայ կռփամարտիկը կը ներկայացնէր Հայաստանը:
Աւանեսեան արհեստավարժ ռինկի վրայ արձանագրած է 29 յաղթանակ, կրած պարտութիւն մը եւ արձանագրած հաւասարութիւն մը:


