21 կրան շլեմի միջազգային տիտղոսներու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ իր արձանագրած վերջին յաղթանակին շնորհիւ, կրկնեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի մրցանիշը` անոր նման արձանագրելով թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին 953-րդ յաղթանակը:
Նատալ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ինտիըն Ուէյլզի Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին, քառորդ աւարտականին յաղթեց աւստրալիացի Նիք Քիրիոսին:
Անոնց ետին կը գտնուի սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ արձանագրած է 824 յաղթանակ:


