Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը Վրաստանի Գորի քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ:
Գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի ղեկավարութեամբ խումբը իր փորձերը պիտի շարունակէ մինչեւ հինգշաբթի, 24 մարտ:
Այս հաւաքէն ետք, անոր մասնակցողներէն հինգը` Մարտին Բադալեան (60 քկ), Դաւիթ Աբրահամեան, Ատեոտա Դարբինեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան եւ Անդրէաս Յարութիւնեան (73 քկ), պիտի մեկնին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնք, ուր 26 մարտին պիտի սկսի Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքը:


