Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւերուն Կարեւորութիւնը

February 24, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թերեւս կան մարդիկ, որոնք կը մտածեն, թէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւերու առաջադրումը անիմաստ է, իսկ կարեւորը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Սակայն այս պնդումը իրաւացի չէ եւ հաւանաբար իր մէջ պարտուողականութեան ու ստրկամտութեան սերմեր կը պարունակէ:

Տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած բանաձեւերու որդեգրումը, քննարկումը կամ նոյնիսկ առաջադրումը ոչ միայն Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի ան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ թրքական հասարակութիւնը կը մղեն դէմ յանդիման գալու իր պետութեան պատմութեան մութ էջերուն հետ եւ հարցականի տակ առնելու այդ էջերուն պաշտօնական ու նենգափոխուած տարբերակը:

Ճիշդ է, որ այդ բանաձեւերը Թուրքիոյ մէջ ազգայնական որոշ զգացումներ կը գրգռեն, սակայն յաճախ պետութեան կողմէ հրահրուած այդ զգացումները ժամանակաւոր են, ինչպէս նաեւ կը ջրեն Թուրքիոյ շուրջ հիւսուած հանդուրժողականութեան առասպելը:

Նշեալ բանաձեւերը եւ անոնց դէմ թրքական հակազդեցութիւնը պատճառ կը դառնան, որ միջազգային լրատուամիջոցները, եւ որ աւելի կարեւոր է, թրքակա՛ն լրատուամիջոցները խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հետաքրքրական են թուրք այն յօդուածագիրները, որոնք կը յաջողին դուրս մնալ պետութեան կողմէ հրահրուած հիւանդագին պնդումներու արհեստական ոլորապտոյտէն եւ հարցականի տակ կ՛առնեն պետութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը: Այս տիպի թուրք յօդուածագիրներու թիւի աճը կենսական է եւ իրերայաջորդ բանաձեւերու ճնշումին ու Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումներու ձգտումին ազդեցութեան տակ անիկա հակամէտ է աճելու: Այս առումով, այդ բանաձեւերուն առաջադրումը ոչ միայն իրաւական եւ քաղաքական արարք մըն է, այլ նաեւ` քարոզչական:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւերը զայրոյթի արտայայտութիւն կամ վրէժխնդրութիւն չեն, այլ` արդարութեան պահանջ: Իրաւազրկուած կողմին իրաւունքի վերականգնումը կամ վերականգնման պահանջը վրէժխնդրութիւն չէ, այլ` արդարութիւն, որովհետեւ այդ իրաւունքին վերականգնումով իրաւազրկող կողմը իր արդար իրաւունքէն ու բաժինէն ոչինչ կը կորսնցնէ եւ դերերու շրջում մը տեղի չ՛ունենար: Ուստի, արդարութեան վերականգնման սփիւռքահայութեան ձգտումը իբրեւ ազգայնականութիւն, ծայրայեղականութիւն կամ վրէժխնդրութիւն ներկայացնելը չարամտութեան կամ լաւագոյն պարագային, թիւրիմացութեան արտայայտութիւն է:

Թուրքիոյ հասարակութիւնը առաջին անգամ իր պատմութեան մութ էջով սկսաւ հետաքրքրուիլ 1980-ական թուականներու զինեալ պայքարին շնորհիւ, իսկ այժմ այդ նիւթը կ՛արծարծուի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ ներկայացուող բանաձեւերուն ազդեցութեան տակ: Այդ բանաձեւերը Թուրքիոյ հասարակութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արգելակիչ ազդակ մը չեն, ընդհակառա՛կը: Ցեղասպանութիւնը անցեալին իրագործուած ոճիր մըն է, սակայն բանաձեւերը զայն այժմէական հարցի կը վերածեն: Անցեալի հարցերով միայն պատմաբաններն ու հնագէտները կը զբաղին, իսկ այժմէական հարցերով` հասարակութեան մէկ նկատառելի հատուածը: Ուստի զարմանալի չէ, որ իւրաքանչիւր բանաձեւի առաջադրման ժամանակ թրքական մամուլը յանկարծ կը յորդի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներով: Առանց այդ բանաձեւերուն ստեղծած «գլխացաւին» ու խթանին` թրքական հասարակութիւնը բնականաբար պիտի տարուի իր այժմէական եւ առօրեայ այլ խնդիրներով, իսկ Հայկական հարցը պիտի մնայ անցեալին մէջ` մոռցուած եւ անտեսուած, ինչ որ թրքական իշխանութիւններուն համար խիստ փափաքելի տարբերակ մըն է:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ ձեռնածալ մնալ եւ սպասել, որ թուրք այլախոհները իրենց հասարակութիւնը համոզեն, անմտութիւն է: Իբրեւ այս դատին իրաւատէրերն ու ցեղասպանութեան զոհերուն շառաւիղները` մենք իրաւունք չունինք դիտողի դերին մէջ մնալու եւ մեր յոյսը «թուրքերու փափուկ սրտին» կապելու, մանաւանդ որ թուրք այլախոհները «1915-ի իրադարձութիւններու» հարցը արծարծելով` մեզմէ այլ նպատակներ կը հետապնդեն: Անոնք իրենց երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն եւ խօսքի ազատութիւն կ՛ուզեն, եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը անոնց համար այդ նպատակը իրականացնելու միջոց մըն է: Անոնք պատրաստակամ են առաւելագոյն պարագային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, սակայն` առանց փոխհատուցման ու իրաւունքներու վերականգնման:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւերը կարեւոր են, սակայն անոնց կարեւորութիւնը պէտք չէ չափազանցել, որովհետեւ անոնք ընդամէնը միջոց են, իսկ նպատակը` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով մեր իրաւունքներուն վերատիրացումը: Անոնք ընդամէնը ճակատամարտեր են, իսկ պատերազմը կ՛աւարտի, երբ Թուրքիա կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում ու իրաւունքներու վերականգնում կը կատարէ կամ հայկական կողմը կը դադրի պահանջատէր ըլլալէ:

Ստրկամիտ պարտուողականութիւնը այս պայքարին մէջ տեղ չունի: Անոր կարելի չէ ականջ տալ: Այդ ժխտական մտայնութեան տէր մարդոց բնական դաշնակիցներն են «աւարտած գործի քննիչները»` այն անձերը, որոնք ձեռնածալութեան ախոյեաններ են, սակայն իրենք իրենց իրաւունք կու տան այլոց աշխատանքներուն վերաբերեալ գնահատականներ տալու: Այս առումով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւերը նաեւ կը ծառայեն ցորենը որոմէն զատելու:

 

 

Նախորդը

«Անցեալի Յիշատակները» (Հեղինակ՝ Սերժ Մոմճեան)

Յաջորդը

Ժիւտօ. Կիպրոսի Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ 29 Մետալի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.