Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Օծում Եւ Թաղման Կարգ Հոգելոյս Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանին

March 15, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 1 մարտ 2022-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին ղօղանջը թաւաձայն հնչեց եւ վերջին անգամ ըլլալով ս. խորան բարձրացաւ լուսահոգի Վահան ծ. վրդ. Պէրպէրեանը:

Յընթացս ս. պատարագին վերջին օծման եւ թաղման կարգը գլխաւորեց Օշական արք. Չօլոյեանը: Վախճանեալ հայր սուրբին դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ ատեանէն բերուեցաւ ս. խորան, ուր հոգեթով շարականներու երգեցողութեամբ հերթաբար դէպի արեւմուտք, արեւելք ու հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք սրբազանը սրբալոյս միւռոնով օծեց հանգուցեալ հայր սուրբին ճակատն ու աջը:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր դամբանական խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեանքը պարզապէս ճամբայ մըն է, ուրկէ մեր մարմինը կ՛անցնի, իսկ հոգին կը միանայ այն Աստուծոյ, որուն, յատկապէս այս պարագային` հոգեւորականներս, ուխտած ենք ծառայել եւ պաշտել: Մէջբերելով «Ողջո՛յն քեզի» յուզումնախառն երգէն` ըսաւ, որ հայր Վահանն էր հրաժեշտի խօսքերը արտասանողը. «Մնաք բարով եկեղեցի, մնաք բարով ս. սեղան, մնաք բարով հոգեւոր եղբայրներ եւ մնաք բարով ժողովուրդ» ընդգծելով, որ հանգուցեալ հայր սուրբը իր ծառայական կեանքը Լիբանանի, Վենեզուելլայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ վերջապէս իր ծննդավայր Սուրիոյ մէջ անցուցած է խոնարհաբար, նուիրաբար եւ այնպէս, ինչպէս Աստուած կը կամենար. «Այսպէս ճանչցանք հայր Վահանը 62 տարիներ առաջ, երբ, իբրեւ դասընկեր, դպրեվանք եկաւ եւ իր աշխատասիրութեամբ աւարտեց Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի կարգերը: 55 տարիներ առաջ ձեռնադրուեցաւ եւ այդ օրէն սկսեալ իր հաւատարմութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մնաց անսասան»: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը վկայեց, որ կաթողիկոսարանէն եւ թեմերէն ներս հայր Վահանը համեստութեամբ ստանձնած է իրեն վստահուած պաշտօնները` ամբողջովին նուիրուելով Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր անձին մեծութիւնը տուեալ պաշտօնին մէջ չփնտռելով, այլ` ստանձնած պաշտօնը իր ծառայութեամբ բարձրացնելով:

Դամբանականէն ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, միաբան հայրերը ս. խորան բարձրացան ու վերջին հրաժեշտը տուին հոգելոյս հայր սուրբին` անոր օծեալ ճակատն ու աջը համբուրելով:

Ս. պատարագի աւարտին միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը, ինչպէս նաեւ` հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը:

Նշենք, որ Արամ Ա. վեհափառ ֆիզիքապէս ներկայ չէր կրցած ըլլալ սոյն արարողութեան` վարակուած ըլլալուն պատճառով:

 

Նախորդը

Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Իրանի Դեսպանատան Մշակութային Կեդրոնին Կազմակերպած Մշակութային Բազմազանութեան Նուիրուած Ձեռնարկին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Ուսուցիչները Նիւթապէս Կը Գնահատէ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.