Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը` պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով (807 կոլ), այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Արդարեւ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ան լոնտոնեան Թոթենհամի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-2) դարձաւ հեթրիքի յաղթանակ:
Ան այսպիսով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 59-րդ անգամ ըլլալով կը դառնայ հեթրիքի հեղինակ:
Նշանակելով իր 807-րդ կոլը` այսպիսով Ռոնալտօ գերազանցեց աւստրիացի Եոզեֆ Պիքանին, որ 1931-1955 ժամանակամիջոցին նշանակած էր 805 կոլ:
Նշենք, որ այժմ Մանչեսթըր Եունայթըտ 50 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 19 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթիէն:


