Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Բարեսիրական Համերգը` Լիբանանի Մէջ

March 14, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկարատեւ դադարէ մը ետք, մշակութային կեանքը կրկին վերընձիւղուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Լիբանանահայ բեմը ծաղկեցնող արուեստագէտները տարիներու ընթացքին իրե՛նք տուած են այս թատերասրահին անոր տեղն ու արժէքը սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Անուններու, թիւերու, թուականներու եւ անմոռանալի յիշատակներու մասին պիտի խօսէին անոր պատերը, եթէ «ասուն» դառնային:

Համաճարակի հետզհետէ նահանջող ընթացքին զուգահեռ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի կառոյցը կատարեց մեկնարկը գաղութային կեանքի վերաշխուժացման: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, թատերասրահին մէջ կազմակերպեց բարեսիրական համերգ մը` ի նպաստ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին:

Ի հեճուկս Լիբանանի այս օրերու օդերեւութաբանական անբարենպաստ պայմաններուն, խուռներամ ժողովուրդը դիմած էր թատերասրահ` իւրաքանչիւրը իր աթոռը գրաւելով: Անոնց ներկայութիւնը ցուցանիշ մըն էր գաղութի երբեմնի օրերը վերադարձնելու ու վերապրելու իրենց ունեցած փափաքին:

Յայտագիրի գլխաւոր դէմքը պոլսահայ երգչուհի Սիպիլն էր, որ օրեր առաջ Լիբանան հասնելով այցելած էր գաղութի տարբեր կառոյցներն ու դպրոցները եւ «Վանայ ձայն»-ի «Բարեւ» հաղորդման ընթացքին յայտնած էր «համաճարակէն ետք, եւս մէկ անգամ ժողովուրդին դէմ եւ մէջ գտնուելու» իր փափաքին մասին:

Յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան: Ան Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին անունով ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ «հինգ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, Սիպիլ վերադարձաւ լիբանանահայ բեմ` այս օրերուն, երբ լիբանանահայը, երկար ընդմիջումէ ետք, կարօտ կը զգայ նման ձեռնարկներու ներկայ գտնուելու»:

Յովսէփեան ըսաւ. «Այսօրուան այս հաւաքը եւ ձեր ներկայութիւնը փաստ են հաւաքական վճռականութեան` շարունակելու Համազգայինի առաքելութիւնը եւ յանձնառու ըլլալու հայ մշակոյթի տարածման ու զարգացման սրբազան գործին»: Ան աւելցուց. «Արտերկրի մէջ ընդհանրապէս եւ Լիբանանի տուներուն ու դպրոցներուն մէջ յատկապէս, հայոց լեզուն, երգն ու պարը նոր սերունդներուն մէջ ապրեցնելով` կ՛ամրապնդենք հայապահպանութեան արմատները»: Անդրադառնալով օրուան մեներգչուհի Սիպիլին` ան յայտնեց, որ Սիպիլ «իր հայրենասիրական եւ ազգասիրական երգերով հայկական շունչն ու ոգին կը սփռէ մեր մէջ` իր արդիական ու քնարական շունչով լեցուն կատարումներով»:

Ձեռնարկին կարեւորութիւնն ու նպատակը լուսարձակի տակ առնելով ան շեշտեց, որ «Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները հայակերտման կեդրոններ ըլլալով, այսօր կը համախմբեն 740 աշակերտներ եւ 43 ուսուցիչներ` 125 վարչական պատասխանատուներու աջակցութիւնը ունենալով: Անոնք բոլորը կը նպատակադրեն մասնակից ըլլալ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման գործին»:

Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը սոյն ձեռնարկին ներգրաւած էր իր կառոյցէն «Քնար» պարախումբի, «Գայեանէ» պարի դպրոցի, «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի պարման-պարմանուհիները:

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլին երգացանկը լեցուն էր ժողովուրդին ծանօթ երգերով ու անոնց հեղինակներուն անուններով: Ան իր ընտրանիով ու ձայնով հանդիսատեսին զգալ տուաւ հայ ժողովուրդի ունեցած կամքին ուժը, հայրենիքի հանդէպ կարօտը, դարաւոր տառապանքը, սակայն նաեւ կեանքի ու վերապրելու հանդէպ իր սէրը: Ան մեներգեց Շիրազի «Նամակ»-ն ու «Տեսնեմ Անին», Իսահակեանի «Պինկէօլ»-ը, Պատկանեանի «Երնէկ թէ այս Նոր տարին» եւ «Արի իմ սոխակ»-ը, Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ն, Սահեանի «Մեր լեզուն», ինչպէս նաեւ «Ազգ իմ փառապանծ»-ը, «Ատանայի ողբ»-ը ու շարք մը հայերէն, ինչպէս նաեւ ոչ հայերէն երգեր, ինչպէս` «Time to say goodbye» եւ «Once upon a December»:

Հանդիսատեսը ունկնդրելով ժողովրդային, հայրենասիրական եւ ազգագրական այս երգերը, մէջընդմէջ ըմբոշխնեց «Քնար»-ի եւ «Գայեանէ»-ի պարը եւ «Տաւիղ»-ի ու «Բարսեղ Կանաչեան»-ի երաժշտութիւնը:

Բեմը երիտասարդութեամբ կ՛եռար:

Սիպիլին կարգ մը երգերուն ուղիղ կը միանային տուտուկով ու սրինգով Գէորգ Քէշիշեան, դաշնակով` Վերոնա Ռուսիալեան, կիթառով` Կասիա Էճիտեան եւ Ալեքս Տապպաղեան, իսկ հարուածային գործիքներով` Նարեկ Քէշիշեան:

Առանձին ելոյթ ունեցան Գէորգ Քէշիշեանն ու Նարեկ Քէշիշեանը` ներկայացնելով հայկական երաժշտական կտորներու համադրում մը:

Ձեռնարկը նաեւ առիթ մը եղաւ «Քնար» ու «Գայեանէ» պարախումբերուն տարիներու բացակայութենէ ետք եւս մէկ անգամ բեմ բարձրանալու: Անոնք Սիպիլի երգերուն զուգընթաց ու առանձնապէս ելոյթներ ունեցան, ճոխութիւն մը տուին բեմին եւ արժանացան հանդիսատեսներու ծափողջոյններուն:

Աւարտին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը երգչուհին պատուեց յուշանուէրով մը, եւ Սիպիլ քաջառողջութիւն մաղթեց ժողովուրդին` անգամ մը եւս անոնց միանալու խոստումով:

Սոյն ձեռնարկի արժէքը պէտք է գտնել իր նպատակին մէջ` Լիբանանի մշակութային կեանքի թմբիրէն դուրս գալն ու վերաշխուժանալը:

Նախորդը

Նշմար. Որպէսզի Չկրկնուի Ստապատիր «Յաղթելու Ենք»-ը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.