Մօտաւորապէս քառասուն օրերը առաջ աչքերը փակեց ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի (Պէյրութ, Զոքաք Պլաթ) տարիներու վաստակաշատ անդամ Արշալոյս Գոնտայեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առիթով «Մեղրի» մասնաճիւղին կողմէ անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին կարդացուած դամբանակը:
96 տարիներու կեանք…
Քանի՞ բառով կարելի է զայն ամփոփել:
Ընկերուհի Արշիկի պարագային, իր Սասունի արմատներէն եկող, Հալէպի մէջ պատանեկութեան երիտասարդութեան հասնող եւ Պէյրութի, Զոքաք Պլաթ թաղին մէջ շարունակուող կեանքը, մեզի` ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիներուն համար, կ՛ամփոփուի երեք բառերու մէջ` աշխատանք, աշխատանք, դարձեա՛լ աշխատանք:
Աշուշտ կարելի է ածականներով գունաւորել այդ միակ բառը` «աշխատանք»-ը. անձնուէր աշխատանք, գիտակից եւ բծախնդիր աշխատանք, եռանդով կատարուած աշխատանք, երբեմն, ուրիշներու անփութութեան ի տես, բարկութեամբ կատարուած աշխատանք:
Ուրեմն, մեր` ԼՕԽ-ականներուս աչքին, ընկհ. Արշիկը, կը բնութագրուի որպէս գործ կատարելու միշտ պատրաստ ընկերուհի: Եւ այդ գործը դասակարգում չունէր. ան մեր մասնաճիւղին ատենապետուհին եղած է ու ժողովէն առաջ, շտկած, մաքրած, պատրաստած է ժողովասրահը, որպէս վարչական կամ շարքային ընկերուհի` օրացոյց ծախած, հանգանակութեան ելած, պազարի եւ հաւաքոյթներու համար ճաշ պատրաստած է: Նաեւ եռանդուն ժողովական էր մեր ընկերուհին, մի՛շտ մասնակից, ի հարկին պահանջկոտ եւ քննադատող, բայց միշտ անկեղծ ու շիտակ:
Բայց միայն մեր` ԼՕԽ-ականներուս աչքին չէ, որ ան կ՛երեւի որպէս գործունեայ տիպար: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հաւատացեալները երկա՜ր տարիներ ականջալուր եղած են իր հաւատարիմ դպրուհիի ձայնին. միւս կողմէ, Ճեմարանի եւ Երեւանեան ակումբի պահակ տղաքը երկա՜ր տարիներ անհամբեր սպասած, եւ ճաշակած են իրենց համար այնքան սիրո՛վ պատրաստուած համադամ ճաշերը:
Այսպէս էր ընկհ. Արշիկը:
Ի՜նչ լաւ է, որ երկար կեանքի մը աւարտին, իր բոլոր սրտակիցները, մօտիկ ու հեռաւոր, իրենց մտքին մէջ ունենան ջանասէր, անձնուէր կնոջ մը տիպարը:
Այդ բոլորին կողմէ կը ցաւացինք իր ընտանիքի անդամներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն եւ զինք ճանչցած բոլոր ազնիւ մարդոց:
7 փետրուար, 2022
Պէյրութ


