Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը աշխուժօրէն կը շարունակէ իր բանակցութիւնները խումբին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ` անոր հետ համագործակցութիւնը երկարաձգելու նպատակով:
«Ինտիփենտընթ» յայտնեց, որ փարիզեան ակումբը 23 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց տարեկան 100 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ նուազագոյնը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքել ֆութպոլիստին հետ:
Էմպափէ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ, որ պատրաստ է անոր վճարելու տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
2017-էն ի վեր Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող Էմպափէ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 24 կոլ եւ կատարեց 17 էսիսթ:


