«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ դարձի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան վերջին երկու օրերուն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 7-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք աւստրիական Սալզպուրկին (երթի արդիւնք` 1-1), 20-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Ան այսպիսով բարելաւեց իր հաստատած մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ցարդ որեւէ ակումբ չէ յաջողած իրագործումը կատարել:
Պարսելոնա ատիկա իրագործած է 18 անգամ:


