Ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիին մաս կազմող յառաջապահ Տիեկօ-Ռոսսի Մարաշլեան նախորդ շաբաթավերջին հրաւիրուեցաւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Փերուի (24 մարտ) եւ Չիլիի (29 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն (Հարաւային Ամերիկայի գօտի):
Ներկայիս Ուրուկուէյ 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Մարաշլեան ցարդ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ որեւէ մրցումի չէ մասնակցած:


