Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի պատրաստ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ պայէրնեան ակումբին ներկայացուցիչները շուտով պիտի բանակցին ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձին հետ:
Սակայն եթէ ակումբին պայմանները չհամապատասխանեն անոր պահանջներուն, ան պատրաստ է անմիջապէս փոխելու իր ակումբը:
Ֆութպոլիստը մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր կազմին հետ:
Ան ցարդ իր կազմին հետ կատարած է 24 մրցում եւ նշանակած 28 կոլ:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:


