Ալաշկերտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Տարօն Ոսկանեան, Փիւնիկի դէմ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումին իր ստացած վնասուածքէն ետք ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախնական գնահատականով, 29 տարեկան ֆութպոլիստին վերադարձը` ֆութպոլի դաշտերը, կ՛ակնկալուի մէկ-մէկուկէս ամիս ետք:


