Երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը Ասիոյ գօտիին մէջ կատարեց իր երրորդ մրցումը` մրցելով դաշտին տիրոջ` Սէուտական Արաբիոյ դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի կազմին բաւական տպաւորիչ յաղթանակով` 81-68 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան Յորդանանի նման ունեցաւ 7 կէտ: Անիկա նախորդ մրցումին Յորդանանէն պարտութիւն մը կրած էր:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ալի Հայտար (23 կէտ), ապա` Սերճիօ Տարուիշ (16) եւ Ուաէլ Արաքժի (15):


